2014-01-24 11:38:15

Կաթողիկէ լրատուական միջոցներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագ Հռոմի ''Թրասբոնթինա'' անուան պազիլիքային մէջ։


Ուրբաթ 24 յունուար, տօնն է` ըստ լատինաց, Սուրբ ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսին (1567-1622), Կաթողիկէ լրատուական միջոցներու պաշտպան սուրբին։
Այս տօնին առթիւ առաւօտեան ժամը 9.30-ին Հռոմի Թրասբոնթինա-ի՝ Սուրբ կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլին, Սուրբ Պատարագ մատոյց, մասնակցութեամբ Ռատիօ Վատիկանի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ՝ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն ։
Այս օր կը նշուի նաեւ ''Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրը'' որուն այս տարուայ պատգամը նուիրուած է` ''Հանդիպումի'' Մշակոյթին։
Պատգամը լոյս տեսաւ եւ մամուլին ներակայացուեցաւ` հինգշաբթի 23 յունուարի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը, 2013-ի 30 սեպտեմբերին հրատարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէր թէ ''Ընկերային Հաղորդակցութեան Համաշխարհային 48րդ օրուայ'' պատգամի նիւթն է ''հաղորդակցութիւնը ի սպաս հանդիպումի հարազատ մշակոյթին'' ։ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը կը մատնանշէր թէ հաղորդակցութիւնը կը հիմնուի ''ուրիշի ճշմարտութիւններուն հետ յարգելի երկխօսութիւն հատատելու կարողութեան'' վրայ։ Պատգամը ամէն մէկէն կը խնդրէ ըլլալ ''ինքնուրոյն'' վկայելով ''իր ապրած մշակոյթը, իր քրիստոնեայ ինքնութիւնն ու այն արժէքները որոնց կը հաւատայ''։
Յայտնենք որ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ համաշխարհային օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ 1963 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.